ԱՆՈՒԱՆՈՒՄԻ ՈՅԺԸ[1]

ԱԶԱՏ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՄ

ՍԳԱՐԱ ՆԱՈՒՄԱՆ

Ազատ պիտի ըլլամ բարձր թռչելու առանց թեւերուս
Սկսելով հալիլ
Պիտի թռչիմ աւելի բարձր քան մտերիմ բարեկամներս
Վախը եւ ցաւը
Ազատ պիտի ըլլամ

Ազատ պիտի ըլլամ
Բարձրաձայն երգելու
Երգելու ամէն վայրկեան
Երբ երգել կ’ուզեմ
Երգելու երգս
Երգելու խորհուրդներուս զգացումներուս մասին
Ազատ պիտի ըլլամ

Ազատ պիտի ըլլամ
Սիրելու
Ինչ որ ուզեմ
Երբոր ուզեմ
Ով որ ուզեմ
Եւ այնքան զօրաւոր որքան ուզեմ
Ազատ պիտի ըլլամ

Ազատ պիտի ըլլամ
Եզրակացութիւններուս յանգելու
Ըլլան անոնք լաւ կամ գէշ
Ըլլան անոնք իմաստուն կամ ոչ
Ըլլան ինչ որ են
Ազատ պիտի ըլլամ

Ազատ պիտի ըլլամ
Յարմարելու
Հօտին անդամակից ըլլալու
Խումբով լողալու
Նուազեցնելու այն ինչ որ ուրիշներէ տարբեր կ’ընեմ
Այնպէս որ միայնակ գայլը չըլլամ այլեւս
Ազատ պիտի ըլլամ

Ազատ պիտի ըլլամ
Ուրեմն ազատութիւնը եւ յոյսը
Հոգիիս ընկերները պիտի ըլլան
Այս երկուքը կ’օգնեն
Որ աշխարհը դառնայ
Որովհետեւ
Յոյսի ծածկուած ոյժն է
Որ լոյս մը կը սփռէ
Եւ կ’օգնէ ինծի
Ճամբաս շարունակելու
Ճամբաս գտնելու
Ազատ ըլլալու